2012-04-04 14:52:38

Կարտինալ Թոռանի Պատգամը Պուտտայականներու Վեզախ Տօնի առթիւ` ''Անհրաժեշտ է որ կրօնները սորվեցնեն ուսանողներուն ըլլալու Խաղաղութեան Կերտիչներ''։


Վատիկանի միջ-կրօնական խորհուրդի նախագահը կարտինալ ժան Լուի Թոռան պուտտայականներու Վեզախ Տօնին առթիւ շնորհաւորական պատգամ մը ուղղեց, որով կը հրաւիրէ քրիստոնեաները ու պուտտայականները բաժնեկցելու պատասխանատուութիւնը ՝՝ կրթելու նոր սերունդը խաղաղութեան ։
Երիտասարդները իրենց զօրութեամբ ու ոգեւորութեամբ կը հանդիսանան ընկերութեան մեծ յոյսը, կարող` բարեփոխել աշխարհը։ Հին սերունդի քրիստոնեաները ու պուտտայականները պէտք է ստանձնեն պատասխանատուութիւնը նոր սերունդին սորվեցնելու խաղաղասիրութիւնը , զանոնք դարձնելով խաղաղութեան կերտիչներ։

Իր պատգամին մէջ կարտինալ Թոռան կ'ողջունէ պուտտայականները որպէսզի երիտասարդներուն սորվեցնեն խուսափիլ ուրիշներու վնաս հասցնելէ ու ապրիլ վեհանձնութեամբ ու կարեկցութեամբ ։ Նման յորդորներ, կը գրէ Կարինալ Թոռանը արժանի են գնահատանքի ու մեծարանքի եւ ընկերութեան համար մեծապէս բարեբեր։ Նշենք որ Վեզախի Տօնախմբութիւնը կը վերակոչէ Պուտտտայի կեանքի կարեւոր յանգրուանները։ Տօնը ամէն տարի կը զուգադիպի լուսնային տարւոյն վեցերրորդ ամսուայ լիալուսինի օրը։ Ծիսակատարութիւնը կը կայանայ թափօրով շրջելու մէջ տաճարներու շուրջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.